2016-12-12 12:00:00

Խաղաղութեան համաշխարհային 50-րդ օրուան պատգամը` ''Ոչ բռնութեան''։


Բռնութեան վերացումը` Խաղաղութեան քաղաքականութեան ոճ։  

(Ռատիօ Վատիկան) ''Բռնութեան վերացումը` Խաղաղութեան քաղաքականութեան ոճ'' այս է Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետին խաղաղութեան համաշխարհային 50-րդ օրուայ առթիւ հրապարակած պատգամին բնաբանը։ Խաղաղութեան համաշխարհային օրը  կը նշուի տարւոյն առաջին օրը` 1 Յունուարին։

Պատգամին սկիզբը Սրբազան Քահանայապետը իր խաղաղութեան բարեմաղթութիւնները կը յայտնէ աշխարհի համայն ժողովուրդներուն եւ ազգերուն, ինչպէս նաեւ պետական իշխանութիւններուն ու հոգեւոր պետերուն ու պատասխանատուներուն եւ քաղաքացիական հասարակութիւններուն։

''Խաղաղութիւն կը մաղթեմ ամէն մէկ այր ու կնոջ­, մանուկի` տղու եւ աղջկայ­, ու կ՛աղօթեմ որպէսզի ամէն մէկ անհատի մէջ ներառուած Աստուծոյ պատկերը մեզի թոյլ տայ իրար զիրար ճանչնալու որպէս սրբակեաց ընծաներ օժտուած անսահման արժանապատուութեամբ'' կը գրէ Քահանայապետը պատգամին մէջ ու կը խնդրէ յատկապէս յարգել հակամարտութիւններու իրավիճակի մէջ գտնուողներուն ''խոր արժանապատուութիւնը'' ու բռնութեան գործունեայ վերացումը դարձնել` ապրելակերպի յատկանիշ։

Այս է խաղաղութեան համաշխարհային 50-րդ օրուայ պատգամը, կը գրէ ապա Քահանայապետը անդրադառնալով Երանելի Պօղոս Զ քահանայապետի խաղաղութեան համաշխարհային առաջին պատգամին` որուն մէջ երջանկայիշատակ քահանայապետը խօսք ուղղած էր բոլոր ազգերուն ըսելով ''վերջապէս յստակօրէն ի յայտ եկաւ թէ խաղաղութիւնը` մարդկային զարգացումին միակ եւ իսկական ուղեգիծն է'' զգուշացնելով այն համոզումէն թէ` ''միջազգային  վէճերը, կարելի չէ լուծել բանականութեան ու իրաւունքի, արդարութեան ու հաւասարութեան վրայ հիմնուած բանակցութիւններով, այլ միայն մահաբեր ու տարհամոզիչ ուժեր օգտագործելով''։ Պօղոս Զ ապա մէջբերելով իր նախորդին` Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ ''Խաղաղութիւն  երկրի վրայ'' շրջաբերական թուղթէն հատուածներ, մեծարեց խաղաղութեան սիրոյ իմաստը` հիմնուած ճշմարտութեան, արդարութեան, ազատութեան եւ սիրոյ վրայ''.

''Որքան այժմէական են այս խօսքերը որոնք այսօր եւս կը մնան կարեւոր այնպէս ինչպէս էին 50 տարիներ առաջ'' կը գրէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայաղփտը իր պատգամին մէջ շեշտը դնելով` բռնութեան վերացումի հարցին վրայ, որպէս խաղաղութեան քաղաքականութեան ոճ։

''Թող որ սէրն ու բռնութեան վերացումը ըլլան ուրիշներու հետ մեր յարաբերութեան ձեւը, սկսեալ տեղական ու առօրեայ միջավայրէն մինչեւ համայն աշխարհ. թող որ բռնութեան վերացումը յատկանիշը դառնայ մեր որոշումներուն, մեր յարաբերութիւններուն ու մեր գործունէութեան ու քաղաքականութեան, անոր ամէն ձեւերով'' կոչ կ՛ուղղէ Քահանայապետը խաղաղութեան համաշխարհային 50-րդ օրուայ առթիւ հրապարակած պատգամին մէջ որ ստորաբաժանուած է եօթը մասերու.

Ներածական։ Յօշոտուած աշխարհ մը։ Բարի Լուրը։ Բռնութենէն աւելի զօրաւոր։ Ոչ բռնարար քաղաքականութեան մը տնային արմատները, ապա Քահանայապետին հրաւէրը ու վերջաբանը։

Յօշոտուած աշխարհ մը։

Նորին Սրբութիւնը կը մատնանշէ անցեալ դարու երկու համաշխարհային պատերազմներուն ինչպէս նաեւ մաս մաս կատարուած ներկայի համաշխարհային պատերազմին ու բռնութիւններուն որոնք անվերջ տառապանք կը յարուցեն։

Բռնութիւնը սակայն մեր յօշոտուած աշխարհի դարմանը չի կրնար ըլլալ։

Բռնութեան համապատասխանել բռնութեամբ` կը մղէ բռնի գաղթականութեան ու յաւերժ տառապանքի, որովհետեւ մեծ քանակութեամբ պաշարներ կը յատկացուին զինուորական ծրագիրներու­, զանց ընելով երիտասարդներու, դժուարութեան մէջ գտնուող ընտանիքներու, տարեցներու ու հիւանդներու առօրեայի պահանջները։

Բարի Լուրը։

Յիսուս եւս ապրեցաւ բռնութեան ժամանակաշրջան մը։ Եւ ան սորվեցուց թէ բռնութիւնն ու խաղաղութիւնը կը դիմագրաւուին մարդկային սրտով։

Ան քարոզեց Աստուծոյ անվերապահ սէրը որ կ՛ընկալէ եւ կը ներէ եւ իր աշակերտները հրաւիրեց սիրելու նաեւ թշնամիները։

Յիսուս արդարեւ բռնութեան վերացումի ուղին գծեց, անոր մէջէն քալելով մինչեւ վերջ, մինչեւ խաչ, ու խաչով իրականացուց խաղաղութիւնը ու խափանեց թշնամութիւնը։ 

Ասոր համար այն որ կ՛ընդունի Յիսուսի Բարի Աւետիսը գիտէ ճանչնալ բռնութիւնը եւ թոյլ կու տայ որ Աստուծոյ ողորմութիւնը խնամէ զինք­, իր կարգին դառնալով հաշտութեան գործիք։

Յիսուսի իսկական աշակերտներ ըլլալ այսօր` կը նշանակէ որդեգրել ոչ բռնութեան առաջարկը։

Բռնութենէն աւելի զօրաւոր

Բռնութեան չդիմելը շատ անգամ հասկցուած է որպէս բացասական եւ կամ զիջում­, սակայն` իրականութեան մէջ, այնպէս չէ։ Երբ Մայր Թերեզան ընդունեց խաղաղութեան նոպէլեանի մրցանակը` 1979-ին­, յստակօրէն  յայտարարեց թէ ''մեր ընտանիքին մէջ խաղաղութիւնը հաստատելու համար կարիքը չկայ ռումբերու կամ զէնքերու, կործանումի, այլ կարիքը կայ միայն միասին ապրելու, ու զիրար սիրելու...այսպէսով կարող ենք յաղթահարել աշխարհի մէջ տիրող չարը''։ 

Մինչ զէնք վաճառողները իրենց գործը կը կատարեն, խաղաղութեան համեստ գործիչներ կը ջանան միշտ օգնութեան հասնիլ մարդուն, կեանք տալով անոր։ 

Այս խաղաղապահները որպէս տիպար ունին Մայր Թերեզան որ ներկայ ժամանակներու ''իքոն'' մըն է, կը գրէ քահանայապետը ակնարկելով անցեալ սեպտեմբերին Մայր Թերերզան Սուրբ հռչակելու ուրախութեան, ու ընդգծելով աղքատներու Սրբուհիին տրամադրութիւնը բոլորին հանդէպ, ու յատկապէս անոր յանձնառումը ի սպաս մարդկային կեանքի պաշտպանութեան` սաղմէն մինչեւ մահ։

Սրբազան Քահանայապետը ապա կը յիշթ այլ խաղաղապահներ ինչպէս Մահաթմա Կանտին, եւ Խան Ապտուլ Կաֆֆար Խանը. Մարթին Լութեր Քինկը. Ինչպէս նաեւ Լեյմահ Կպոուէն....ու ասոնց շարքին նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ -ի` ուսուցումն ու պատգամը ''պայքարելու ի սպաս առանց բռնութեան արդարութեան''

Եկեղեցին` կը գրէ ապա Սրբազան Քահանայապետը­­, միշտ յանձնառու եղած է իրագործելու ոչ բռնարար ռազմավարութիւն ու զանազան երկիրներու մէջ զարգացնելու խաղաղութիւնը, նոյնիսկ ամէնէ բռնարար անհատները հրաւիրելով` ջանք դափել կառուցելու համար արդար ու մնայուն խաղաղութիւն մը։ 

''Այս յանձնառումը սակայն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առանձնայատկութիւն մը չէ, կը պատկանի նաեւ այլ կրօնական աւանդութիւններուն'' կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապ ու դարձեալ կը հաստատէ. ''Ոչ մէկ կրօնք ահաբեկիչ է, որովհետեւ ահաբեկչութիւնը Աստուծոյ անունի սրբապղծութիւն է '' ու հրաւէր կ՛ուղղէ չյոգնիլ միշտ կրկնելէ թէ ''Աստուծոյ անունը չի կրնար երբեք արդարացնել բռնութիւնը։ Միայն խաղաղութիւնը սուրբ է ոչ թէ պատերազմը''։

Ոչ բռնարար քաղաքականութեան մը տնային արմատները

Սոյն յատուածին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կ՛անդրադառնայ ընտանիքի կարեւոր դերակատարութեան մասին` ոչ բռնարար քաղաքականութեան մը հաստատումին համար։

Ընտանիքը` կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապ, այն վայրն է ուր կը սորվինք անշահախնդիր կերպով յարաբերիլ մէկը միւսին հետ, մէկը միւսին խնամք տանելով, ու երկխօսութեան միջոցաւ յաղթահարելով անհասկացողութիւնները, փնտռելով միշտ մէկը միւսին յարգանքը ու անոր բարիքը ու դիմելով ողորմածութեան ու ներումին։

''Ընտանիքի մէջ ապրուած սիրոյ այս ուրախութիւնը կը տարածուի համայն աշխարհի մէջ''դիտել կու տայ  Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ խաղաղ համակեցութիւնը մարդոց եւ ժողովուրդներու միջեւ չի կրնար հիմնուիլ վախի տրամաբանութեան, բռնութեան ու փակումի վրայ, այլ պատասխանատուութեան, յարգանքի ու անկեղծ երկխօսութեան վրայ։ Սրբազան Պապը ապա կոչ կ՛ուղղէ զինաթափումի եւ  միջուկային զէնքերու վերացումի, ինչպէս նաեւ տնային բռնութիւններու ու մանուկներու եւ կիներու շահագործումի կանխարգիլման ի սպաս։

Ողորմութեան  Յոբելեանը առիթ եղաւ նայելու մեր սրտին խորքը եւ թոյլ տալու որ Աստուծոյ ողորմութիւնը այնտեղ մուտք գործէ կը յայտնէ Սրբազան Քահանայապետը ու  կը հրաւիրէ հետեւիլ Յիսուս Մանուկի Սրբուհի Թերեզայի օրինակին առօրեայի  ''սիրոյ փոքրիկ քայլերով''։ 

Հրաւէր եւ վերջաբան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամին վերջ ընդեր բաժնին մէջ հրաւէր կ՛ուղղէ խաղաղութիւնը կառուցելու բռնութեան վերացումի ուղիով։

Յիսուս այս անընչութեամբ մեզի ընծայած է ''ուղեցոյց'' մը` Երանութիւնները։ ''Երանի հեզերուն, ողորմածներուն, խաղաղապահներուն, սրտով մաքուրներուն ու անոնց որոնք արդարութեան ծարաւն ունին կ՛ըսէ Յիսուս''։ Այս ըլլալու է նաեւ քաղաքական գործիչներու ու կրօնապետերու, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու ու գործատէրերու եւ հաղորդամիջոցներու օրակարգն ու մարտահրաւէրը. ի գործ դնել Երանութիւնները կը գրէ Նորին Սրբութիւնը վստահեցնելով այս ուղղութեամբ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ յանձնառումը ու մատնանշելով թէ 2017-ի յունուար  մէկէն սկսեալ գործի կը լուծուի նորաստեղծ կառոյց մը` որուն նպատակն է ծառայել  մարդկային ամբողջական զարգացումին, ու զարգացնել արդարութեան, խաղաղութեան ու արարչութեան պաշտպանութեան բարիքները։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամը կ՛աւարտէ հայցելով Սուրբ Կոյս Աստուածանայ հովանին, տրուած ըլլալով որ պատգամը կը կռէ 8 դեկտեմբերի թուականը, ապա կոչ կ՛ուղղէ` 2017 տարուայ ընթացքին յանձնառու ըլլալ` աղօթքով եւ գործով ու դառնալու մարդիկ որոնք իրենց սրտերէն, իրենց խօսքերու մէջէն եւ իրենց ներգործութիւններէն վերացուցած ըլլան բռնութիւնը ու աշխատին կերտելու ոչ բրնարար հասարակութիւններ` որոնք հոգ ու խնամք տանին հասարակաց տան։

Ոչ մէկ բան անկարելի է եթէ Աստուծոյ դիմենք աղօթքով։ Բոլորը կարող են խաղաղութեան արհեստաւորներ դառնալ։

Տրուած Վատիկանի մէջ` 8 դեկտեմբեր 2016-ին։

Ֆրանչիսկոս








All the contents on this site are copyrighted ©.